2014-09-23 09:32:18

22-25 Սեպտեմբեր 2014` Կանայի եպիսկոպոսներու հնգամեայ կանոնական այցը ս. Պետրոսի յաջորդին։


22-25 սեպտեմբեր 2014, Կանայի եպիսկոպոսները Հռոմ կը ժամանեն իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնները կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։ ա
Կանայի հանրապետութիւնը ունի 238,533 քմ քառակուսի տարածք եւ 25 միլիոն 545 հազար 939 բնակչութիւն որուն 50 առ հարիւրը քրիստոնեայ են`մեծամասնութեամբ բողոքակական։ Կաթողիկեները կը հաշուեն 3 միլիոն 300 հազար։
Կանայի հանրապետութիւնը իր անկախութիւնը ստացած է 6 մարտ 1959-ին եւ 1960 հռչակուած է հանրապետութիւն։ Կանայի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները հաստատուած են 1976-ին։
Կաթողիկէ Եկեղեցին կանայի մէջ ունի 19 թեմեր եւ մէկ առաքելական փոխանորդութիւն։ 1980 թուականին երջանկայիշատակ ՅՊԲ սուրբ քահանայապետը այցելած է երկիրը անոր աւետարանացումի հարիւրերորդ յոբելեանի առթիւ։ 21 հոկտեմբեր 2003-ին Կանան կ՛ունենայ իր առաջին Կարտինալը յանձինս Փիդէր Քոտուօ Ափիահ Թուրքսոնի որ ապա 201-ին Պենետիկտոս ժԶ վաստակաւոր քահանայապետի կողմէ կը նշանակուի Խաղաղութիւն եւ արդարութիւն քահանայապետական խորհուրդի նախագահ։
Կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնահերթ գործունէութիւնը դաստիարակչական եւ առողջապահական մարզերու մէջ կը կայանայ։ Եկեղեցին ապա յանձնառու է ազգային միութեան հոգիի զարգացումի զծով ինչպէս նաեւ հասարակական կեանքի բարելաւումին ու զարգացումի ուղղութեամբ։







All the contents on this site are copyrighted ©.